Կիւրեղեան ընտանիքի գերդաստանը Տրապզոնցի էր. վաճառական յարաբերութիւններով կը գործէր իր առագաստանաւերով` դէպի Եւրոպական քաղաքները, մանաւանդ Մարսիլիայ ուր իրենց կեդրոն մը ունէին: Լեւոն Կիւրեղեան` Կոստանդնուպոլիս կը ծնի 26 ապրիլ 1871ին, հայրը` Յովհաննէս եւ մայրը Բրաբիոն Երեմեան: Նախ Տրապզոն Մխիթարեան վարժարանը նախակրթարան կ'երթայ` յետոյ Վենետիկի Մուրատ Ռափաելեան վարժարանը` որ 1888ին կ'աւարտէ (Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան Աբբահայրը Իգնատիոս Կիւրեղեանն էր - Լեւոնին հօրեղբայրը): Տրապզոն կը դառնայ եւ յաջորդ տարին կրկին Իտալիա կ'երթայ եւ Հրոմ Ճարտարապետութեան համալսարանը կը յաճախէ: Համալսարանը կ'աւարտէ 1895ին եւ 1896ին Կոստանդնուպոլիս վերադարձած` 14-17 օգոստոսի եղեռներէն կը յաջողի ազատիլ եւ Սոֆիա (Բուլղարիա) ապաւինել: Բուլղարիա զանազան շէնքի նախագիծերու վրայ կ'աշխատի: 1898ին Վարնա քաղաքին Օպերայի Թատրոնի շինութեան մրցումին կը մասնակցի եւ առաջին պսակը կը շահի (աւելի ուշ թատրոնը շատ քիչ փոփոխութիւնով կառուցուեցավ): 1899ին կրկին Կոստանդնուպոլիս վերադարձած, բազմաթիւ եւ կարեւոր շէնքեր կը նախագծէ եւ կը կանքնէ թէ Կոստանդնուպոլիս թէ Փրինքիփօ կղզիներու մէջ: Սարգիս Պալեանի հետ բարեկամ էր: Այս մասամբ կը բացատրէ թէ ինչպէ՞ս մեր դիւանին մէջ բազմաթիւ Պալեաններու աշխատութիւններու գծագրութիւններ պահուած էին (մաս մը հրատարակուած ալ են տե'ս - «Pars Tuglaci, The role of the Balian family in Ottoman architecture, YCK, Istanbul 1990» եւ «Diana Barillari, Istanbul 1900, Firenze 1996, Octavo, Franco Cantini Editore»), (այժմ Հայաստանի Ճարտարապետության Ազգային Թանգարան-Ինստիտուտի մէջ պահուած): Նոյն ժամանակին կը շարունակէ հայ լրագիրներու վրայ գրել եւ հայկական խնդիրներով զբաղուել: 1901ին Կոստանդնուպոլիս Մարիամիկ Ազարեանին հետ կ'ամուսնանայ եւ 1902ին իրենց միակ զաւակը` Յովհաննէսը` կը ծնի: 1907 տարուան ընթացքին, Թաքսիմի մօտ, իր անձնական «Կիւրեղեան Ափարթման» շէնքը կը վերջացնէ ու 4 մայիսին իր յատուկ յարկաբաժնին մէջ կ'երթայ բնակելու: Յանկարծ` 1907 սեպտեմբեր 7ին` առանց յայտնի պատճառ մը, իր կնոչ և զաւակին հետ կը մեկնի դէպ ի Իտալիա ու Հրոմ կը հաստատուի: 1911ին Թորինօի Համաշխարհային Ցուցահանդէսին Օսմանեան Կայսրութեան շէնքը կը նախագծէ եւ կը կանքնէ (Իտալիոյ մէջ միայն աշխատութիւնն է, բաց ի Թրիէսթէ իր բարեկամի մը գերեզմանը և իր Ազոլօի տունը - Վիլլա «Արարատ»): Նոյն տարուայ ընթացքին Հրոմի Համաշխարհային Ճարտարապետներու Կոնգրէսին իբր Օսմանեան Կայսրութեան Ճարտարապետներու ներկայացուցիչ պիտի մասնակցեր բայց ճիշտ այդ շրջանին Իտալիոյ և Տաճկաստանի միջեւ պատերազմը սկսաւ` այնպէս իբր յատուկ անդամ մասնակցեցաւ: Այդ տարիներու ընթացքին շատ աւելի ստէպ Ազոլօ (ուր Վենետիկի Մուրատ Ռաաելիեան վարժարանի ամառանոցը կար), երկար շրջաններ կ'անցնէ: Ազոլօյի մօտ` Սուրբ Զենոն գիւղը Մխիթարեան Վանքի ամառանոցն ալ կար ուր իր հօրեղբայրը, Վ. Իգնատիոս Կիւրեղեան Աբբահայրը տարուան մեծ մասը կ'անցըներ: 1912ին երկար ուսումնասիրութեան աշխատութիւն մը կը սկսի Ռաւեննա, Աքուիլեյա, Իստրիա, Տալմացիա և մանաւանդ Բրիանցաի պատմական շինութիւններուն վրայ, գծագրութիւններ եւ լուսանկաներ հանելով: Իր նպատակն էր ապացուցանել Հայկական ճարտարապետութեան ազդեցութիւնը Ռոմանիք ճարտարապետութեան վրայ (այժմ Հայաստանի Ճարտարապետության Ազգային Թանգարան-Ինստիտուտի մէջ պահուած): 1914-18 Համաշխարհային Պատերազմը զինքը կը սդիպէ երկար ժամանակներ Ազոլօ բնակիլ. Հոն` կեանքը շահելու համար` զինուորներուն համար լուսանկարիչը կը ընէ: 1919ին Փարիզ է: Հոն բոլոր իր ուժերով կ'աշխատի Հայկական Անկախ Կառավարութեան խնդրին վրայ և միանգամայն «Le Responsable» (Պատասխանատուն) գիրգը կը հրատարակէ պետութիւններու պատերազմի պատասխանատուութեան վրայ: 1921ին շատ կարճ ճամփորդութիւն մը կը ընէ Կոստանդնուպոլիս: Ճամփորդութեան վերջին, մայիս ամսոյն, ծննդավայրը վերադառնալու որ և է յոյսը կորսնցուցած էր: 1922ին Իզմիրի աղէտներէն յետոյ և մանաւանդ Վերսայլի դաշինքին վրիպիլը` իր Իտալիա մնալու որոշողութիւնը հաստատեց ու Ազոլօյի իր Վիլլա Արարատը շինելը սկսաւ: Ատկէ յետոյ ճարտարապետութիւնով ալ չզբաղեցաւ: Կարք մը գիրգեր գրեց ու տպագրութեան տուաւ- առ օրինակ – «Վիրգիլեան երկհազարամեակը, 1931», «Կարս ու Արտահան, 1948», եւ բազմաթիւ չտպուած ձեռագիրեր արտադրեց: 1922ին կը սկսի օդափոխութեան համար Ֆրասսենէ' երդալ, Տոլօմիթ լեռնային գաւայրին մէջ: Այդ տեղերը շատ կը սիրեր որովհետեւ Թոց գիւղը կը յիշեցնէին. Թոց գիւղը, Տրապզոնէն վեր, Կիւրեղեաններու ամառանոցը կար (դժբախտաբար ջարդերու յիշատակներով լի): Շարունակեց շատ տարիներու համար հոն վերադառնալ: Ի յիշատակ` բազմաթիւ ջրաներկեր գծած է: Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի վերջը Հայկական Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութեան փոխանորդներ եկան Ազոլօ զինքը Հայաստան հրաւիրելու: Արդէն հիւանդ, չնդունեցաւ. Բայց «իմ ուսերուս ետեւ Անդրանիկ Զոռաւարին պատկերը կար» մեզ միշտ կը յուշեցներ: Ազոլօ կը վախճանի 1950 սեպտեմբեր 2ին և Ազոլօյի Ս. Աննա գերեզմանատունը` մեր ընտանեկան շիրիմին մէջ թաղուած է: |